Armenian Poet, Author, Creative
Անահիտ Պալեան
Կենսագրութիւն
Անահիտ Թորոսեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանն ու Մեսրոպեան վարժարանը, ապա վկայուած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն, մասնագիտանալով համակարգիչի գիտութեանց մէջ: Երկար տարիներ ուսողութիւն (Maths) դասաւանդած է հայկական թէ օտար վարժարաններէ ներս, միաժամանակ աշխոյժ գործունէութիւն բերելով միութենական կեանքին մէջ: 2008-ին հաստատուած է Գանատա եւ 4 տարի դասաւանդած դասաւանդած է Ս. Յակոբ եւ Նարեկ վարժարաններուն մէջ: 2012-էն ի վեր կը գործէ McGill համալսարանի Lachine հիւանդանոցին մէջ, որպէս վարչական համակարգող: 2013-ին, Անահիտ Պալեան եղած է «ՀՈՐԻԶՈՆ» Մանկապատանեկանի խմբագիր, իսկ սեպտեմբեր 2022-էն ի վեր նախանձախնդրութեամբ, մեծ նուիրումով ու գոհունակութեամբ ստանձնած է անոր գլխաւոր խմբագրի դերը: Ան եղած է նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան աշխոյժ անդամ եւ վարած է բազմաթիւ գրական ձեռնարկներ։ 2022-էն ի վեր ատենադպիրն է Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։
Անահիտ ամուսնացած է Վարուժ Պալեանի հետ եւ ունի երկու զաւակներ՝ Բալիկ եւ Վարագ: Իր ասմունքող ու բանաստեղծուհի մօր՝ Ազնիւ Թորոսեանի շնորհիւ, փոքր տարիքէն սիրած է հայ վաստակաւոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները եւ որպէս ասմունքող յաճախ հանդէս եկած է դպրոցական, միութենական եւ ազգային ձեռնարկներու ընթացքին: Ասմունքի Երեկոներով, ելոյթներ ունեցած է Մոնթրէալի, Երեւանի եւ Շուշիի մէջ։ Ցարդ ունի մէկ խտասալիկ «ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ» խորագրով։ Իր բանաստեղծութիւններէն օրինակներ լոյս տեսած են ԱԶԴԱԿ-ի եւ «ՀՈՐԻԶՈՆ» Մանկապատանեկանի էջերուն մէջ։
Contact Us
Interested in working together? Fill out some info and we will be in touch shortly. We can’t wait to hear from you!